Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը, Համբարձման Տօնին առիթով պտոյտ մը կը կազմակերպէ, դէպի «Էլէոնաս Էղիօ»ի (Ελαιώνας-Αίγιο) ծովափը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ 25 Մայիս 2017ին:
Մասնակցողները առիթ պիտի ունենան նախ այցելելու շրջանի Ս. Աստուածածնայ (Παναγία Τρυπητή) վանքը ապա վայելելու հրաշալի եւ մաքուր ծովափը:
Մասնակցութեան երթեւեկի սակ՝ 15 եւրօ, իսկ նախակրթարանի տարիքի պատանիներուն համար՝ 8 եւրօ:
Մեկնում՝ առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:30ին, «Intercontinental» պանդոկին առջեւէն:
Արձանագրութեան համար հեռաձայնել՝ տիկ. Արշալոյս Տրդատեան-Նաքուին՝ հեռ. 2109416584 եւ 6942214251 թիւերուն:
Ուշադրութիւն
Պատանիներու մասնակցութիւնը կարելի չէ առանց ծնողքի կամ պատասխանատուի ընկերակցութեան:
Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄՍՐՄԻՆ